Լիբանանի հեծելարշաւի հաւաքականը պրոնզ մետալ մը եւս շահեցաւ Արաբական հեծելարշաւի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Արդարեւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած ախոյեանութեան տղոց խմբային ժամացոյցի դէմ պրոնզ մետալէն ետք, այս անգամ Լիբանան տիրացաւ խառն խմբային ժամացոյցի պրոնզէ մետալի:
Լիբանանի հաւաքականը ներկայացուցին Նաֆէզ Քամալէտտին, Էսքանտար Փանայոթ Խալիլ Ասմար, Ռամոնա Խալիֆէ եւ Թամարա Զէյն:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու խառն խումբը շահեցաւ ոսկի մետալը, իսկ Սուրիոյ խառն խումբը` արծաթէ:


