ԿԱՐՕ Կ.
Իր մանկութեան օրերէն հօրը հետ ՀՄԸՄ-ի մրցումներուն միշտ ներկայ գտնուելով, անոր մէջ արթնցած էր սէթ մը ֆութպոլին նկատմամբ, որ աւելի հասուն տարիքին դարձաւ սէր` միութեան նկատմամբ: Գէորգ Բարսեղեան ֆութպոլիստ ըլլալու կարողութիւն կամ կարելիութիւն չունէր, բայց որոշեց մօտ մնալ եւ իր ուսումը շարունակել` ակադեմական աշխատանքով սորվելով մարմնամարզութիւն եւ ֆիզիքական պատրաստութիւն:
2021-2022 տարեշրջանին, երբ տակաւին կ՛ուսանէր, պէտք ունէր գետնի վրայ փորձերու: Զինք մօտեցուցի ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբին, որ այդ տարի Գ. դասակարգին մաս կը կազմէր: Տարիքով տակաւին երիտասարդ, բայց հասուն եւ լուրջ Գէորգ ամբողջական նուիրումով կը ներկայանար բոլոր փորձերուն, նոթեր կ՛առնէր, կը դիտէր, լաւ մտիկ կ՛ընէր շատ աւելի փորձառու մարզիչին` յաւելեալ տեղեկութիւն կամ կարծիքներ ամբարելու համար: Օրերը անցան, եւ ան սկսաւ վկայականներ ձեռք ձգել` միշտ շարունակելով իր լուրջ աշխատանքը, եւ միացաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբին` դառնալով օգնական մարզիչ:
Նոյն պահուն ան կը մարզէ ՀՄԸՄ-ի ակադեմիայի տարիքային խումբերը: Երկու տարի առաջ ան ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի 20 տարեկանէն վար խումբին մարզիչն էր եւ հոն սկսաւ իր տաղանդը փաստել: Ֆութպոլը կը դիտէր տարբեր ձեւով եւ մարզիկներուն կը թելադրէր ոչ սովորական բաներ` պահանջելով այդ փոքր տարիքէն թաքթիքային խաղի բարեփոխումներ մրցումի ընթացքին: Ես շատ հանդիպած եմ լիբանանցի մարզիչներու, որոնք ինծի անձամբ ըսած են, թէ Լիբանանի մէջ ֆութպոլի թաքթիք չկայ, այլ դաշտ կը ներկայանաս, կը պայքարիս, կոլ կը նշանակես եւ կը յաղթես: Ես այդ միտքին չէի հաւատար: Ճիշդ է, որ պայքարը մեծ դեր ունի, բայց շատ կարեւոր է, որ մարզիկը գիտնայ, թէ մարզիչը ի՛նչ կը սպասէ իրմէ, եւ ի՛նչ ոճով պէտք է խաղալ: Գէորգ այդ կարողութիւնը ունի եւ պատանիներուն հետ նոյնիսկ կը պատրաստէ զանոնք կանուխ տարիքէն ճիշդ ձեւով հասկնալու ֆութպոլը:
Աղջկանց խումբին հետ վերջերս տեսանք անոր պատրաստած խումբը, խաղաոճը, «Սփարք Լիկ»-ի մրցաշարքի յաջողութիւնը: 2011-2012 տարիքային խումբին, ինչպէս նաեւ 2017-2018 տարիքային խումբին հետ ալ Գէորգ լաւ ձեւով կ՛աշխատի` սորվեցնելով ոչ միայն ֆութպոլ, այլեւ դիտել, լսել, սորվիլ: Շատ կարեւոր է կանուխ տարիքէն պատրաստել սերունդ մը, որ ճիշդ ձեւով հասկնայ ֆութպոլը, միութենական կեանքը, խմբային ընկերային հաղորդակցութիւնը դաշտին վրայ եւ դաշտէն դուրս:
Գէորգ Բարսեղեանի նման երիտասարդ մարզիչներու լուրջ աշխատանքով ՀՄԸՄ-ի հետ երազը աշխատանքով կրնայ հասնիլ արդիւնքի:


