Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբը բարեկամական մրցում մը կազմակերպած էր` պաշտօնապէս հրաժեշտի մրցում ըլլալու համար Լիոնել Մեսսիի համար:
Պենինի դէմ այս մրցումը եղաւ «Կալա» ելոյթ մը, որուն ընթացքին Մեսսի գեղեցիկ պատմութեան վերջին էջը գրեց ոսկի տառերով` նշանակելով փենալթի մը եւ կատարելով 2 էսիսթ, փակելով ասպարէզ մը, որ երկու տասնամեակ փայլած է ամէն մակարդակի վրայ:
Պուենոս Այրեսի մէջ 85 հազար հանդիսատեսի ներկայութեան, սուփըրսթար Մեսսի 21 տարուան ընթացքին 126 կոլ նշանակած էր ազգային խումբին շապիկով, ձեռք ձգած Մոնտիալի տիտղոս (2022-ին) եւ երկու «Քոփա Ամերիքա»-ի տիտղոս:
«Հպարտութեան աղբիւր մըն էր ինծի համար այս շապիկը կրելը աւելի քան 20 տարի: Ես բնաւ չդադրեցայ պայքարելէ, բնաւ ճակտի քրտինքս չզլացայ: Միշտ կ՛ուզէի շարունակել, որովհետեւ Արժանթինի համար խաղալը ամէնէն գեղեցիկ բանն է, որ կրնայ ըլլալ ոեւէ մէկուն համար», ըսաւ Մեսսի:
Իր խմբակիցները (մեծամասնութեամբ` արցունքներով, մարզչական կազմին եւ անշուշտ համակիրներուն հետ, ծափահարեցին մրցումի աւարտին:
«Բոլորին պիտի կարօտնամ: Հիմա ձեր կողքին պիտի ըլլամ քաջալերելու Արժանթինի ազգային խումբը եւ այն տղոց, որոնք ինծի պիտի յաջորդեն: Երբ միասին ըլլանք, բոլորէն աւելի զօրաւոր կ՛ըլլանք եւ կրնանք ամէն դժուարութիւն յաղթահարել: Դժուար ժամանակ պիտի գայ, որովհետեւ ինչ որ իրագործեցինք, դիւրին պիտի չըլլայ կրկնելը», ըսաւ Մեսսի:


