Իտալական Միլանօ քաղաքին մէջ գտնուող «Սան Սիրօ» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած «Ազգերու Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2020-2021 տարեշրջանի աւարտական մրցումին իրարու դէմ մրցեցան Ֆրանսա եւ Սպանիա:
Մարզիչ Տիտիէ Տեշանի գլխաւորած կազմը Ֆրանսա դարձաւ տիտղոսակիր` արձանագրելէ ետք 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Քարիմ Պենզեմա (66-րդ) եւ Քիլիան Էմպափէ (80-րդ):
Նշենք, որ նոյն արդիւնքով աւարտեցաւ նաեւ երրորդ դիրքի մրցումը, որուն ընթացքին յաղթանակ արձանագրեց Իտալիա` Պելճիքայի դէմ:



