Երէկ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, որ Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ կատարեց իր 5-րդ մրցումը, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մակեդոնիայէն:
Ը. խմբակին մէջ կատարուած այս մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, հայրենի կազմին ուշացած միակ կոլը նշանակեց Նարեկ Գրիգորեան (90+1րդ):
Ռաֆայէլ Նազարեանի գլխաւորած կազմը, որ ցարդ արձանագրած է յաղթանակ մը միայն եւ կրած 4 պարտութիւն, 3 կէտով կը գրաւէ խմբակին 6-րդ եւ վերջին դիրքը: