Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի 29 տարեկան յառաջապահ Նէյմար յոյս յայտնեց, որ իր մանկութեան երազը կ՛իրականանայ, եւ Պրազիլ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին տիտղոսակիրը կը դառնայ:
«Մեծ յոյսով եմ, որ կը յաջողինք աշխարհի ախոյեան հանդիսանալ: Բայց եւ այնպէս այժմէն իսկ կու գամ ըսելու, որ 2022-ի Մոնտիալը պիտի ըլլայ վերջինը` իմ արհեստավարժ ասպարէզիս ընթացքին:
«Այս Մոնտիալէն ետք չեմ գիտեր եւ վստահ չեմ, որ ֆիզիքականս պիտի ներէ՞ այլ Մոնտիալի մըն ալ մասնակցիլ», ըսաւ Նէյմար:
Նշենք, որ Նէյմար Պրազիլի հետ տիրացած է երկու տիտղոսի:
Ան 2013-ին տիրացաւ միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին, իսկ 2016-ին հանդիսացաւ ողիմպիականի ախոյեան: