Եւրոպայի գօտիի 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Ժ. խմբակին, երէկ գիշեր կատարեց 8-րդ հանգրուանի իր մրցումը, երբ հիւրը եղաւ Ռումանիոյ:
Զտումի մրցումներուն սկիզբը բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրած հայրենի կազմը դարձեալ չյաջողեցաւ լաւ արդիւնքի հասնիլ, երբ կրեց այլ պարտութիւն մը` 1-0 արդիւնքով:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ալեքսանտրու Միթրիթա` 26-րդ վայրկեանին:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Հայաստան դիրք մը եւս նահանջելով այժմ կը գտնուի չորրորդ դիրքին վրայ (12 կէտով):
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Գերմանիա, որ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Մակեդոնիոյ, ունի 21 կէտ:
Ռումանիա բարձրացաւ երկրորդ դիրք (13 կէտ), մինչ երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Մակեդոնիա` 12 կէտով: