Քաթալոնիոյ կառավարութիւնը Պարսելոնային արտօնեց իր դաշտին` «Քամփ Նու»-ի վրայ իր կատարելիք բոլոր մրցումներուն տոմսերը ծախել, այս մասին յայտնեց «Սփորթ.էս» կայքը:
Յայտարարուեցաւ, որ Պարսելոնայի մէջ այսպիսով վերջ կը գտնեն մարզական ու մշակութային նախաձեռնութիւններու բոլոր տեսակի սահմանափակումները, եւ կեանքը կը գտնէ իր բնականոն ընթացքը:
«Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով Պարսելոնա իրաւունք ունէր միայն իր տոմսերուն 60 տոկոսը ծախելու:
Տրուած այս նոր որոշումէն ետք, այժմ Պարսելոնայի ֆութպոլի մարզադաշտը դարձեալ պիտի լեցուի ամբողջութեամբ:
Նշենք, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, 17 հոկտեմբերին Պարսելոնա կը հիւրընկալէ Վալենսիան:
Իսկ յառաջիկայ շաբաթ, նետերլանտցի Ռոնալտ Քէօմանի գլխաւորած կազմը պիտի հիւրընկալէ Տինամօ Քիեւը («Չեմփիընզ-Լիկ»):