Ֆրանսական ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ պիտի կատարէ բարեփոխում մը, որուն համաձայն, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակից խումբերուն թիւը պիտի նուազի:
Ներկայիս Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ հանդէս կու գան 20 խումբեր:
2023-2024 տարեշրջանէն սկսեալ ախոյեանութեան մասնակցող խումբերուն թիւը պիտի ըլլայ 18, այս մասին յայտնեց «Լիկ-1»-ի կայքը:
2022-2023 տարեշրջանի աւարտին չորս խումբ պիտի փոխադրուի Բ. դասակարգ, մինչ անոնց փոխարէն երկու խումբ պիտի բարձրանայ «Լիկ-1»:
Նշուեցաւ, որ խումբերու թիւի կրճատման դէմ քուէարկեց միայն Մես ակումբը: