Նախորդ շաբաթավերջին մեկնարկը տրուեցաւ Հայաստանի ֆութսալի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանին:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Արաքս-Արարատ, Արարատ-Արմենիա, Թիմ-Ագրօ, Լոկիկօ, Երեւան, Ալաշկերտ, Ֆալքոնս եւ Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարան-Երեւան:
Արարատ- Արմենիա հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ յաղթանակ արձանագրեց`
12-5 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Թիմ Ագրոն:
Իսկ Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարան-Երեւանի կազմը 4-4 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Արաքս-Արարատի հետ:
Նշենք, որ բոլոր մրցումներն ալ տեղի կ՛ունենան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: