Եւրոպայի գօտիի Զ. խմբակին մաս կազմող Դանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը, արձանագրելէ ետք 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին իր 8-րդ յաջորդական յաղթանակը, հանդիսացաւ երկրորդ խումբը (Գերմանիայէն ետք), որ ապահովեց Քաթարի իր տոմսը:
Դանիա, որ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Աւստրիոյ դէմ, այսպիսով իր կատարած 8 մրցումներուն ընթացքին նշանակեց 27 կոլ` առանց իր բերդին մէջ կոլ մը ստանալու: