Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ խուսափեցաւ ծանր վնասուածքէ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական անուանի մարզաթերթերէն` «Լ՛Էքիփ»-ը:
Տեղի ունեցած փորձերուն ընթացքին ան ձախ ոտքի վնասուածք ստացաւ:
Քննութիւնները ցոյց տուին, որ ֆութպոլիստը խուսափեցաւ ծանր կոտրուածքէ:
«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, անոր կազմը այսօր հիւրը պիտի ըլլայ Ռէալ Մատրիտի:
Այսօրուան այս մրցումին անոր մասնակցութիւնը կասկածելի է:
Երթի մրցումին (1-0) ան նշանակեց Սեն Ժերմենի կոլը:


