Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին («Քալչիօ») մէջ հանդէս եկող Եուվենթուսի ամերիկացի միջնապահ Ուեսթըն Մաքքենիի համար տարեշրջանը վերջ գտաւ` նկատի ունենալով, որ ան սպանական Վիարէալի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ-Լիկ») ձախ ոտքի կոտրուածք ստացաւ:
23 տարեկան ֆութպոլիստը մինչեւ յառաջիկայ ամառ դժուար թէ կարենայ ապաքինիլ:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 16 մարտին (երթի մրցում` 1-1):
Նշենք, որ ան այս տարեշրջանին իր կազմին հետ կատարեց 28 մրցում եւ նշանակեց 4 կոլ:


