Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մրցեցաւ Մարժապայի դէմ, արձանագրեց 5-2 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը (կիսախաղ` 3-1):
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Վաչէ Ղուկասեան (7-րդ), Ժոզեֆ Նատեր (10-րդ), Քամալ Արաժ (16-րդ) եւ Հասան Պաժոք (35-րդ եւ 37-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ այժմ 27 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
ՀՄԸՄ-ի ամէնէն մօտիկ մրցակիցը` Մուաուատ, ունի 23 կէտ:


