Գերմանական «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Շալքէ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` Տիմիթրիոս Կրամոծիսին, անոր արձանագրած անբաւարար արդիւնքներուն պատճառով:
Գերմանական ակումբին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ անոր հետ պաշտօնանկ եղան նաեւ օգնական մարզիչ Սվեն Փիեփենփրոքը եւ բերդապահներու մարզիչ` Ուիլ Քուրթը:
Նշենք, որ Կրամոծիսի իր պաշտօնը ստանձնեց մարտ 2021-ին:
Շալքէ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը:


