Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան (Լեռնալիբանանի նահանգ) Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին անոր իրենց մասնակցութիւնը բերող խումբերը կատարեցին իրենց երրորդ մրցումը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ նախքան իր այս մրցումը կատարելը արձանագրած էր յաղթանակ մը եւ հաւասարութիւն մը, կրեց 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը` Ռիատի Արամունէն:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, ՀՄԸՄ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը (4 կէտով):
Առաջին դիրքին վրայ է Սաֆա Շուիթ, որ ապահոված է առաւելագոյն 9 կէտը:
6 կէտով երկրորդ դիրքին վրայ է նոյնինքն Ռիատի Արամուն:
Յաղթանակի մը պարագային ՀՄԸՄ ինք պիտի ըլլար երկրորդ:


