Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արարատ Արմենիա, որ հիւրը եղաւ Փիւնիկ Երեւանին, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց փորթուգալցի 33 տարեկան յետսապահ Ուկօ Ֆիրմինօ` 51-րդ վայրկեանին:
19 մրցում կատարած Արարատ Արմենիա այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 47 կէտ, մինչ Փիւնիկ անկէ ետ կը մնայ միայն երեք կէտով:
Ալաշկերտ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Վանին` շնորհիւ Արտակ Եդիգարեանի (34-րդ` փենալթիով) եւ Վահագն Այվազեանի (64-րդ) նշանակած կոլերուն:
Արարատ-Ուրարտու մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ, իսկ Բանակային կենտրոնական մարզական ակումբ-Նոա մրցումը` 1-1 արդիւնքով:


