Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հաւանութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, այսօր` չորեքշաբթի, 9 մարտին, կը սկսի ընկերութիւններու պասքեթպոլի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 16 խումբերու:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան «ԷՄ.-13»-ի մարզադաշտին վրայ (Նաքքաշ):
Ներկայութեամբ անոր մասնակցող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն տեղի ունեցած վիճակաձգութիւնը տուաւ հետեւեալ արդիւնքը.
Ա. խմբակ. Արամեքս, Նըժէյմ Հոմ Տիքեր, Զիքոլա եւ Լոքըլ Հոսթ
Բ. խմբակ. Մուսալլեմ Կրուփ, «ԱՅ. ԹԻ. ՃԻ.», Ֆաթթալ եւ Մուլթի Լէյն
Գ. խմբակ. Քրիփթոպանք, Էլեքթրա, Քլապ Հաուս եւ Լոյըրզ Էնտ Քօ
Դ. խմբակ. Արիպա, Փրոտան, Մոնթի Մոպայլ եւ Ինմոպայլզ:
Նշենք, որ մրցումները տեղի պիտի ունենան չորեքշաբթի, շաբաթ եւ կիրակի օրերը:


