Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզով հետաքրքրուած են եւրոպական քանի մը ակումբներ, յայտնեց սպանական «Մարքա» անուանի մարզական օրաթերթը:
Նշուեցաւ, որ ամրան ընթացքին Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ինթեր Միլանը, սպանական Սեւիլլան եւ նետերլանտեան Այաքս Ամսթերտամը աշխատանք պիտի տանին ձեռք ձգելու համար 35 տարեկան ֆութպոլիստը:
Սուարեզի պայմանագրութիւնը մատրիտեան ակումբին հետ կ՛աւարտի յառաջիկայ յունիսին, եւ ան կրնայ միանալ իր փափաքած կազմին` անվճար տեղափոխուելով այդ կազմը:
Ան 2020-ին Պարսելոնայէն միացաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի, փոխան` 7 միլիոն եւրոյի:
Ներկայիս անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 10 միլիոն եւրոյով:


