Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, համաձայնութեան գալէ ետք «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին հետ, որոշեց արտօնել Ռուսիոյ մէջ հանդէս եկող բոլոր օտար ֆութպոլիստներուն իրենց ստորագրած պայմանագրութիւնները միակողմանիօրէն խզել ռուսական ակումբներուն հետ եւ հեռանալ Ռուսիայէն:
Նոյնն է պարագան նաեւ Ուքրանիոյ մէջ հանդէս եկող օտար ֆութպոլիստներուն` նկատի ունենալով, որ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները միջազգային ընտանիքին կողմէ կը բազմանան` անոր զինուած ուժերուն կողմէ Ուքրանիա ներխուժման համար:
Նշուեցաւ, որ ՖԻՖԱ-ի կանոնագրութեամբ նախատեսուած տուգանքներն ու պատժամիջոցները այդ ֆութպոլիստներուն նկատմամբ պիտի չկիրարկուին:
Անոնք կարելիութիւն պիտի ունենան դադրեցնելու իրենց ստորագրած պայմանագրութիւնները եւ նոր ակումբներու հետ պայմանագրութիւն կնքել, նախատեսուած` մինչեւ 30 յունիս:
Վերոնշեալ թուականէն ետք անոնք կը դառնան ազատ ֆութպոլիստներ եւ կրնան միանալ իրենց նախասիրած կազմին:


