Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, կիրակի, 6 մարտին, Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի քրոս քաունթրիի ախոյեանութեան մրցումները:
Անոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 19 ակումբներէ շուրջ 300 երկսեռ մարզիկներ, որոնք մասնակցեցան 12, 14, 16, 18 եւ 20 տարեկան դասակարգի մրցումներուն:
Առաւօտեան կանուխ ժամերուն սկսած այս մրցումները իրենց աւարտին հասան մարզիկներու մրցանակաբաշխութեամբ` ֆետերասիոնին անդամներուն կողմէ:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի երկսեռ մարզիկները:
ՀՄԸՄ-ը ներկայացնող մարզիկները եղան.
Արմէն Եղիայեան, Լոռի Գուզուճեան, Քլէա Արապաղլեան, Էսթերլիթա Քեչեճեան, Սաւիօ Մուսալլեմ, Սերենա Քեչեճեան, Շուշի Գասապեան, Աւօ Գասապեան, Գէորգ Արապաղլեան, Ժաքոպ Աստուրեան եւ Սաշա Աստուրեան:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները, որոնք երկու շաբաթ առաջ սկսան իրենց փորձերուն, հետեւաբար ֆիզիքականով այդքան ալ լաւապէս պատրաստուած չէին անոր, բայց եւ այնպէս անոնք իրենց մասնակցութեամբ, եղան տիրական ներկայութիւն մը` լաւապէս փաստելով իրենք զիրենք:
Անոնք թէեւ որեւէ մետալի չտիրացան, սակայն անոնց մօտ բաւական զգալի էր պայքարի ոգին, եւ ամէնէն կարեւորը` անոնք բոլորն ալ իրենց սկսած մրցումները աւարտեցին եւ հասան ժամանման գիծ` քաջ գիտնալով, որ մրցանակային դիրքեր պիտի չգրաւեն:
Բայց եւ այնպէս, եթէ յառաջիկային փորձերը ըլլան շարունակական եւ անոնք յարատեւ ձեւով միացեալ մարզումներ կատարեն, անկասկած շատ լաւ արդիւնքի կրնան հասնիլ:
Կ՛ակնկալուի, որ խումբին կատարած փորձերուն միանան մեծ թիւով այլ մարզիկներ ալ, որպէսզի կարելի ըլլայ միութեան անունը բարձր պահել տեղական մրցաշարքերուն ընթացքին:
Աթլեթիզմի փորձերը, ինչպէս ծանօթ է, տեղի կ՛ունենան «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ, որ ծածկուած է արուեստական խոտով:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն համար բնականաբար աւելի արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտը, որ շատ աւելի դիւրութիւն կրնայ ընձեռել մարզիկներուն, որպէսզի աւելի աթլեթիզմի մթնոլորտին մէջ ըլլան, հարց մը, որ կարգ մը ծնողներու համար կը նկատուի առաջնահերթ:
Բնականաբար, փափաքելի պիտի ըլլայ, որ փորձերը հոն կատարուին, եւ մարզիկներուն կեդրոնացումը այլ տեղ չսեւեռի, նկատի ունենալով, որ փորձի նոյն այդ ժամերուն, տեղական այլ խումբեր «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ ֆութպոլի մրցումներ կամ փորձեր կը կատարեն քիչ մը աղմկոտ ձեւով:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտը բնականաբար շատ աւելի նպատակայարմար է, գունդ նետելու, նիզակ արձակելու, սկաւառակ նետելու, կարճ վազքի եւ այլ մարզաձեւերու փորձերու համար:
Կ’ակնկալուի, որ մօտիկ ապագային դաշտը տրամադրուի ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի մարզիկներուն, որպէսզի անոնք շատ աւելի լաւ պատրաստութիւններ տեսնեն եւ կարենան մետալներ հնձել իրենց միութեան համար: