Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, Հուփս հիւրը եղաւ ՀՄԸՄ Պէյրութին:
Երէկուան այս մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով, 70-65 արդիւնքով, հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղի դադարին Հուփս ութ կէտի առաւելութիւն մը ունէր(37-29):
Մրցումին քորթըր-ները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 13-22, 16-15,16-15 եւ 25-13:
Ինչպէս նկատելի է, վերջին քորթըրի արդիւնքին հիման վրայ է, որ ՀՄԸՄ կերտեց իր այս կարեւոր յաղթանակը, որ եղաւ տարեշրջանի երրորդը` 12 պարտութիւններուն կողքին:
ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Քարլ Զալլում նշանակեց 21 կէտ, մինչ անոր խմբակից Էլիօ Սաատ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (14 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Իսկ Հուփսէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Խալիլ Աուն (13 կէտ, 17 ռիպաունտ):