Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, նախապէս քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող պրազիլցի միջազգային յառաջապահ Նէյմար շատ հաւանական է, որ այժմու իր ակումբը` Փարիզ Սեն Ժերմենը լքելով վերադառնայ Սպանիա եւ վերստին միանայ Պարսելոնային:
Նշուեցաւ, որ ֆրանսական ակումբը առաջարկ ներկայացուցած է Պարսելոնային` անոր ծախելու համար պրազիլցին:
Լաւ առաջարկ մը ստանալու պարագային, յառաջիկայ ամրան ընթացքին Նէյմար պիտի հեռանայ Փարիզ Սեն Ժերմենէն:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան ֆրանսական ակումբին հետ ցարդ կատարած է 20 մրցում, նշանակած 5 կոլ եւ կատարած նոյնքան էսիսթ: