Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Ուրարտուի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբի սան, Հայաստանի հաւաքականի ֆութպոլիստ Ժիրայր Մարգարեան վերադարձաւ խումբ:
24 տարեկան յետսապահը նախորդ յունուարին միացած էր ուքրանական Վերեսին:
Ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսած է Ուրարտուի հետ` անոր հետ հանդէս գալով 2014-2017 ժամանակամիջոցին:
Ապա ան մաս կազմած է Շիրակի եւ Արարատի:
Նշուեցաւ, որ Ուրարտուի հետ ան հանդէս պիտի գայ թիւ 88 մարզաշապիկով: