Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, Լիվըրփուլի եւ անոր մաս կազմող եգիպտացի միջազգային յառաջապահ Մոհամետ Սալահի միջեւ կատարուած բանակցութիւնները դրական արդիւնք չեն տուած եւ արդէն իսկ հասած են փակուղի:
Ասիկա կը նշանակէ, որ եգիպտացին նոր պայմանագրութիւն մը պիտի չստորագրէ իր կազմին հետ, եւ 2023-ի ամրան երբ աւարտի իր պայմանագրութիւնը, պիտի հեռանայ լիվըրփուլեան ակումբէն, իբրեւ ազատ ֆութպոիստ:
Ըստ շրջան ընող տեղեկութիւններուն, 29 տարեկան ֆութպոլիստը շատ հաւանաբար տեղափոխուի Պարսելոնա:
Ընթացիկ տարեշրջանին, Սալահ Լիվըրփուլի հետ իր կատարած 35 մրցումին ընթացքին ցարդ նշանակած է 28 կոլ եւ կատարած 10 էսիսթ: