Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 17 մարտին, տեղի պիտի ունենայ Տինամօ-Սաժես Պէյրութ մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 16:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ):
Տինամօ ցարդ արձանագրած է 11 յաղթանակ եւ կրած 3 պարտութիւն, մինչ Սաժես` 11 յաղթանակ եւ 2 պարտութիւն: