Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, Պարսելոնա համաձայնութեան եկած է իտալական Ա. Սէ. Միլան ֆութպոլի ակումբին մաս կազմող փղոսկրեայ ափունքցի միջնապահ Ֆրանք Քեսիէի հետ:
Նշուեցաւ, որ 25 տարեկան ֆութպոլիստը յառաջիկայ ամրան ընթացքին, անվճար պիտի միանայ Պարսելոնայի` 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ:
Անոր տարեկան աշխատավարձը քաթալոնական ակումբին հետ պիտի ըլլայ 6,5 միլիոն եւրօ:
Ան պիտի ստանայ նաեւ յաւելեալ 10 միլիոն եւրօ պարգեւավճար` Պարսելոնան ընտրելու համար:
Քեսիէի փոխանցման արժէքը ներկայիս կը գնահատուի 45 միլիոն եւրոյով:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան իտալական ակումբին հետ ցարդ կատարած է 29 մրցում, նշանակած 6 կոլ եւ կատարած էսիսթ մը: