Իտալական Ա. Սէ. Միլանին մաս կազմող 40 տարեկան յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ երէկ հրաւիրուեցաւ Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբ` անոր հետ իր մասնակցութիւնը բերելու համար 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի փլէյ օֆի հանգրուանի կիսաւարտականի մրցումին:
Շուէտի մրցակիցն է Չեխիա: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 24 մարտին:
Չեխիոյ յաղթելու պարագային, Շուէտ աւարտականին պիտի մրցի Լեհաստանի դէմ, որ առանց մրցում կատարելու հասաւ աւարտականին` նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցը` Ռուսիա, դուրս դրուեցաւ մրցաշարքէն, որովհետեւ անոր զինուած ուժերը ներխուժեցին Ուքրանիա:
Նշենք, որ ՖԻՖԱ-ն եւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ն Ռուսիան եւ անոր բոլոր ֆութպոլի խումբերը կախակայեցին բոլոր տեսակի միջազգային մրցաշարքերուն մասնակցելէ: