Երէկ` երեքշաբթի, 15 մարտին, Եգիպտոս մեկնեցաւ Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար աշխարհի բաժակի մրցաշարքին, որ պիտի տեւէ շուրջ եօթը օր եւ պիտի աւարտի 21 մարտին:
Այս մրցաշարքը սկսաւ երէկ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնը:
Գահիրէի մէջ Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Արթուր Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան, Վահագն Դաւթեան եւ Յարութիւն Մերդինեան:
Նշենք, որ այս մրցաշարքէն ետք 4-րդ եւ վերջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան), ուր իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Հայաստան: