Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Կառլեն Մկրտչեան երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին 33 տարեկան Մկրչեան ըսաւ.
«Սիրելի՛ ընկերներ եւ համակիրներ: Կու գամ ձեզի տեղեկացնելու, որ ստացած վնասուածքներուս պատճառով, պաշտօնապէս կը յայտարարեմ, որ կը հեռանամ ֆութպոլի դաշտերէն:
«Կ՛ուզեմ նշել, որ ինծի համար միշտ ալ հաճելի եղաւ դաշտ ներկայանալ ազգային հաւաքականին հետ:
«Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Գրիշա Աբրահամեանին, Արմէն Գիւլբուդաղեանցին եւ Վարդան Մինասեանին, որոնք եղան իմ մարզիչներս:
«Շնորհակալութիւն նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, խմբակիցներուս եւ համակիրներուս, որոնք միշտ ալ աջակցեցան ինծի, թէ՛ լաւ եւ թէ՛ դժուար օրերուն»:
Նշենք, որ Կառլեն Մկրտչեանի վերջին ակումբը եղաւ Փիւնիկ Երեւանը:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան մաս կազմեց նաեւ` Մեթալուրկ Տոնեցքի, Անժի Մախաչքալայի եւ Թոպոլ Քոսթանայի:


