Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող ՖԻՊԱ-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը 95-63 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հնդկաստանին, կարեւոր իրագործում մը կատարեց, երբ անգամ մը եւս եկաւ ապահովելու աշխարհի ախոյեանութեան իր տոմսը, աւելի քան տասնամեակէ մը ետք:
Նշենք, որ Լիբանան վերջին անգամ 2010-ին էր, որ ապահոված էր աշխարհի ախոյեանութեան իր տոմսը, երբ այդ ժամանակամիջոցին խումբին մաս կը կազմէր Ֆետի Խաթիպ. այսպիսով Լիբանան չորրորդ անգամ ըլլալով կը մասնակցի այս ախոյեանութեան:
2019-ի ախոյեանութենէն բացակայելէ ետք, Լիբանան այսպիսով կը դառնայ առաջին խումբերէն մէկը` աշխարհի մէջ, որ կը միանայ իրենց տոմսը ապահոված Ֆինլանտայի, Փղոսկրեայ Ափունքի եւ Նոր Զելանտայի:
Պենկալուրի մէջ տեղի ունեցած երէկուան մրցումին, Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճոնաթըն Արլեճ (21 կէտ. ներառեալ` 3 թրի փոյնթ), ապա` Ուաէլ Արաքժի (15 կէտ):
Նշենք, որ Լիբանանի ազգային խումբին մարզիչն է Ժատ Հաժ:


