«Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Պուրնըմաութ երէկ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` անգլիացի Սքոթ Փարքըրին:
41 տարեկան Փարքըրի հետ թէեւ ակումբը տարեշրջանը սկսաւ յաղթանակով մը` Ասթոն Վիլայի դէմ (2-0), սակայն այնուհետեւ կրեց յաջորդական երեք պարտութիւն` Մանչեսթըր Սիթիէն (4-0), Արսենալէն (3-0) եւ Լիվըրփուլէն (9-0):
Այսպիսով, վերջին 18 տարիներուն, ան կը դառնայ առաջին մարզիչը, որ պաշտօնանկ կ՛ըլլայ օգոստոս ամսուան ընթացքին:
Վերջին անգամ 2004-2005 տարեշրջանին էր, որ Պոպի Ռոպսըն (Նիւքասըլ) եւ Փոլ Սթարոք (Սաութհեմփթըն) պաշտօնանկ եղած էին այդ ամսուան ընթացքին: