Ուրարտու-Լեռնային Արցախ ֆութպոլի մրցումին խորհրդանշական առաջին հարուածը կատարեցին Հայաստանի մարմնամարզութեան Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Յարութիւն Մերդինեան, Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան Էրիկ Բաղդասարեան եւ Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան կրկնակի արծաթէ մետալակիր` Համլեթ Մանուկեան:
Այս մրցումը աւարտեցաւ Ուրարտուի պարտութեամբ` 3-2 արդիւնքով:
Նշենք, Հայաստանի մարմնամարզութեան մեծերու հաւաքականը Եւրոպայի ախոյեանութեան տիրացած էր մէկ ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալի, իսկ երիտասարդական հաւաքականը` մէկ ոսկի եւ երկու արծաթ մետալի:


