Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ին, 2-4 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 44-րդ ռելին, «Քորալ-Լիբանան-Ռելի» անուան տակ:
Կազմակերպիչ ակումբը, նախորդ շաբաթավերջին, Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ տուաւ յատուկ ասուլիս մը` պաշտօնականացնելու ռելիին կայացումը եւ անոր գծով յաւելեալ լուսաբանութիւններ տալու գլխաւոր նպատակով:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուները, հովանաւոր ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:
Այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 478,83 քմ:
Բացման փուլը, որ աւելի ցուցադրական փուլ մըն է, տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 2 սեպտեմբերին, ակումբին մէջ, ժամը 20:50-էն սկսեալ:
Այս ռելիին մասնակցողներուն անունները պաշտօնապէս պիտի հրապարակուին այս շաբաթ:
Այլ գետնի վրայ, «ԷՅ. ԷՄ. ԹԻ.» ռելիներու խումբը այսօր` երկուշաբթի, 29 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին, «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ի Քասլիքի կեդրոնատեղիին մէջ պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացնէ այս ռելիին մասնակցող իր վարորդները` Էլիաս Տըհնին, Հանրի Քահին, Կեպի Քահին եւ Ալպեր Հայեքը:


