Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Պելճիքայի կրան փրին, Սփա-Ֆրանքորշան վազքուղիին վրայ:
Այս կրան փրին կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2022-ի աշխարհի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Առաջին դիրքը գրաւեց «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ Մաքս Վերսթափեն, որ արձանագրեց 1 ժամ 25 վայրկեան 52 երկվայրկեան արդիւնք մը:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց անոր խմբակից Սերճիօ Փերես, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց «Ֆեռարի»-ի վարորդ Քարլոս Սայնց:
Եօթը անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Լուիս Հեմիլթըն բաւական անբախտ գտնուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան այս կրան փրիին առաջին իսկ լեփին, բախում ունենալով Ֆերնանտօ Ալոնսոյի հետ, դուրս մնաց պայքարէն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Վերսթափեն, որ ունեցաւ 284 կէտ, մեծ քայլ մը առաւ դէպի ախոյեանութեան տիտղոսը:
Անոր անմիջական մրցակիցը` Փերես, ունի 191 կէտ: