Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծատուրեան Եղբայրներուն Յիշատակին Նուիրուած Հեծելարշաւի Մրցում

August 30, 2022
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ համագործակցութեամբ Պրումմանայի քաղաքապետարանին, կիրակի, 28 օգոստոս 2022-ին տեղի ունեցաւ Ծատուրեան եղբայրներուն յիշատակին նուիրուած տարեկան մրցումը` հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի:

Մրցումը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Նահր Մոթէն, ուրկէ մինչեւ մրցումին աւարտը մարզիկներուն ընկերակցեցան ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանները եւ Կարմիր խաչի ինքնաշարժները` հասնելով մինչեւ Պրումմանա:

Ստորեւ` մրցումին արդիւնքները:

Massters

Ա. Դիրք Պասսամ Տննաուի
Բ. Դիրք ՀՄԸՄ Անթիլիաս
Գ. Դիրք Ֆատի Միր

Elite

Ա. Դիրք Լիբանանեան բանակ
Բ. Դիրք ՀՄԸՄ Պէյրութ
Գ. դիրք ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Մրցումին աւարտին Պրումմանայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ բաժակներու յանձնում` ներկայութեամբ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Պրումմանայի քաղաքապետ Փիեռ Աշքարի, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հայկ Թապագեանի, վարչութեան անդամ Հրայր Սեդոյեանի, հեծելարշաւի ֆետերասիոնի ատենապետ Վաչէ Ծատուրեանի եւ ֆետերասիոնի անդամներուն, Ծատուրեան եղբայրներու ընտանիքի անդամներուն, ինչպէս նաեւ մասնակցող մարզիկներուն եւ անոնց ընտանիքներուն:

Ֆետերասիոնի փոխնախագահ Քայսար Սալլումի խօսքէն ետք խօսք առաւ Վաչէ Ծատուրեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին մրցումին յաջողութեան համար: Հակիրճ կերպով խօսեցաւ Յովհաննէս եւ Վարդգէս Ծատուրեան եղբայրներուն մասին, որոնք հեծելարշաւին ու այս մարզին մէջ արձանագրուած յաջողութեան ճամբով բարձրացուցած են Լիբանանի անունը: Ան շեշտեց, որ ֆետերասիոնին աշխատանքը պիտի շարունակուի, հակառակ երկրին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն եւ այլ տագնապներուն:

Խօսք առաւ նաեւ Պրումմանայի քաղաքապետը, իսկ եզրափակիչ խօսքը արտասանեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Նախորդը

Աւելի Քան Տասնամեակէ Մը Ետք. Լիբանանի Պասքեթպոլի Տղոց Ազգային Խումբը Դարձեա՛Լ Ապահովեց Աշխարհի Ախոյեանութեան Իր Տոմսը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (30 Օգոստոս 2022)

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.