Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ շարունակուող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Մարիա Գէորգեան պարտութեան մատնեց լեհ Ալեքսանտրա Մալցեւսքայան:
Ապահովելով 6,5 կէտ` Գէորգեան այժմ կը գտնուի 2-րդ դիրքին վրայ, կէս կէտով միայն ետ մնալով առաջին դիրքին վրայ գտնուող Մոնաքոյի ներկայացուցիչէն` Մոնիքա Սոցքոյէն:
Էլինա Դանիէլեան յաղթեց Աննա Սարգսեանին, իսկ Լիլիթ Մկրտչեան` Մէյ Նարվային (Էսթոնիա):
Անոնք երկուքը այժմ 6-ական կէտով կը բաժնեն 3-8-րդ դիրքերը:
Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է միայն երեք հանգրուան:


