Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի գործադիր տնօրէն Նասեր Խաթեր խօսեցաւ այն եկամուտներուն մասին, որոնք կրնան յառաջանալ աշխարհի ախոյեանութենէն:
ՖԻՖԱ-ն կը գնահատէ, որ աշխարհի ախոյեանութեան եկամուտները կրնան հասնիլ 6 միլիառ ամերիկեան տոլարի, անոր խօսքերը մէջբերեց Քաթարի լրատուական գործակալութիւնը:
Նախապէս, Քաթարի իշխանութիւնները յայտնած էին, որ աշխարհի ախոյեանութեան կազմակերպումը երկրին պիտի արժէ 200 միլիառ տոլար` հաշուի առնելով մարզադաշտերու, մեթրոներու, նոր ճամբաներու, պանդոկներու կառուցումը եւ երկրին բոլոր ենթակառոյցներուն լայնածաւալ վերակառուցումը:
Այս գումարը վաթսուն անգամ աւելի է, քան ինչ որ ծախսուեցաւ 2010-ի Մոնտիալին, որ տեղի ունեցաւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ: