Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն մտադիր է իր կազմին միացնել լոնտոնեան Չելսիի եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբի միջնապահ Նկոլօ Քանթէն:
Անգլիական խումբին մարզիչը` Թոմաս Թուխել յայտնեց, որ ֆութպոլիստը իր դաշտ ներկայացնելիք կազմերուն մէջ դժուար թէ նկատի առնուի:
31 տարեկան Քանթէ, որ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով շուրջ ամիսով մը պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, մինչեւ յունիս 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Չելսիի հետ (ան խումբին միացաւ Լայսթըր Սիթիէն` 2016-ին):
Նշենք, որ անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 40 միլիոն եւրոյով: