Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Մոնաքոն, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը` յաջորդական երեք յաղթանակէ ետք:
Մրցումին 20-րդ վայրկեանին, Մոնաքոյի գերմանացի յառաջապահ Քեւին Ֆոլանտ նշանակեց իր կազմին կոլը:
70-րդ վայրկեանին երկրին գործող ախոյեանը պարտութենէ մը փրկուեցաւ` պրազիլցի Նէյմարի նշանակած փենալթիին շնորհիւ:
Մայրաքաղաքի կազմը թէեւ այժմ 10 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, սակայն անոր նման 10-ական կէտ ունին նաեւ Մարսէյ եւ Լանս: Մոնաքօ 5 կէտով կը գտնուի 12-րդ դիրքին վրայ:
Մարսէյ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Նիսի դաշտին վրայ, մինչ Լանս 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Ռեննը: