Ալպանիոյ Էլպասան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. դասակարգի Բ. խմբակի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, որ հիւրը եղաւ Ալպանիոյ, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Մրցումին 67-րդ վայրկեանին Արեւիկ Սարգսեան, սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Գագիկ Տէր Գէորգեան:


