Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի «Չես Մուտ» միջազգային մրցաշարքը նախորդ շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին, երբ կատարուեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով` Մանուէլ Պետրոսեան հանդիսացաւ երկրորդ մրցաշարքի տիտղոսակիր:
Նոյնքան կէտ ապահովեց նաեւ իրանցի Ամիրրեզա Պալա:
Շանթ Սարգսեան հանդիսացաւ 4-րդ, իսկ Տիգրան Պետրոսեան` 5-րդ:
Այս երկրորդ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 85 ճատրակ խաղացողներ` Հայաստանէն, Իրանէն, Ֆրանսայէն, Վրաստանէն, Հնդկաստանէն, Ուքրանիայէն, Ռուսիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն:


