Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, շատ հաւանական է, որ Եուվենթուս պաշտօնանկ ընէ իր մարզիչը` Մասիմիլիանօ Ալլեկրին:
Սակայն ակումբի նախագահ Անտրէա Անյելլի կը յայտնէ, որ հակառակ խումբին կրած վերջին պարտութեան, ան պիտի շարունակէ մնալ իր պաշտօնին վրայ` նկատի ունենալով, որ այդ պարտութեան համար պէտք է մեղադրել ամբողջ խումբը եւ ոչ միայն Ալլեկրին:
Նշենք, որ նախանցեալ օր խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Եուվենթուս կրեց 2-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը` Մաքապի Հայֆայի դաշտին վրայ:


