Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 12 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին տեղի կ՛ունենայ Լիտըրզ-ՀՄԸՄ Պէյրութ բացման մրցումը, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ վարժարանի մարզադաշտին վրայ:
Նշենք, որ Լիտըրզի համար այս մրցումը պիտի ըլլայ տարեշրջանի առաջինը` նկատի ունենալով, որ Ռիատիի եւ Պէյրութի դէմ անոր կատարելիք մրցումները յետաձգուեցան, որովհետեւ անոնք երկուքը կը մասնակցին միջազգային մրցաշարքերու:
Իսկ ՀՄԸՄ, որ յետաձգուած մրցում մը ունի կատարելիք Ռիատիի դէմ, ցարդ կատարած է մրցում մը (առանց օտարական մարզիկներու) եւ պարտուած` Սաժեսէն:
Սակայն այսօրուան այս մրցումը, ՀՄԸՄ պիտի կատարէ իր երկու օտարականով` նկատի ունենալով, որ անոնք նախորդ շաբաթ ժամանելով Լիբանան, միացան խումբին:
Ստորեւ` ՀՄԸՄ-ին մաս կազմող մարզիկները.
Լիոնել Լահուտ, Միհրան Պէրպէրեան, Անտրէ Թաննուրի, Թուֆիք Համմուտ, Տանիել Պաղտատեան, Ճես Ճոնզ, Թուֆիք Սաքըր, Ճերըտ Շօ, Գէորգ Գէորգ, Մուսթաֆա Եամմութ, Թանիոս Աքիքի, Ռեֆաաթ Հարպ, Վարագ Քէօշէեան, Սէրուժ Աւետիսեան եւ Արմէն Գայմաքամեան: