Երէկ` չորեքշաբթի, 12 հոկտեմբերին Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ մրցեցաւ Չեխիոյ դէմ, արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, 4-1 արդիւնքով:
Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ 2024-ի ֆութսալի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Հայրենի կազմէն հեթրիք մը իրագործեց Վլատիմիր Սանոսեան, մինչ չորրորդ կոլը նշանակեց Արթուր Մելքոնեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Հայաստան ապահովելով առաւելագոյն 9 կէտը, ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռուբէն Նազարէթեան:


