Երէկ` երկուշաբթի, 10 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը հասաւ չեխական Փլզեն քաղաքը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար ՖԻՖԱ-ի ֆութսալի 2024-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին:
Ռուբէն Նազարէթեանի գլխաւորած կազմը վաղը` չորեքշաբթի, 12 հոկտեմբերին պիտի մրցի դաշտին տիրոջ դէմ, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 19:30-ին:
Հայրենի կազմը այժմ վեց կէտով կը գրաւէ Գ. խմբակին պարագլուխի դիրքը: Չեխիա ունի երեք կէտ, մինչ վերջին դիրքը գրաւող Պոսնիա ցարդ որեւէ կէտ չէ կրցած ապահովել:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Չեխիա մրցումը վերջ գտաւ հայրենի կազմին յաղթանակով` 4-2 արդիւնքով: