Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի 37 տարեկան յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց իր խմբակիցներուն, մարզիչներուն, ակումբներուն, ընտանիքին, բարեկամներուն եւ իր բոլոր համակիրներուն:
Նախորդ շաբաթավերջին ան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած Էվըրթըն-Մանչեսթըր Եունայթըտ մրցումին (10-րդ հանգրուան) նշանակեց իր կազմի կոլերէն մէկը (2-1):
Այս առիթով մանչեսթըրեան ակումբը անոր նուիրեց մարզաշապիկ մը, վրան գրուած` անոր նշանակած կոլերուն քանակը:
Անոր նշանակած այս կոլը եղաւ անոր ֆութպոլիստի արհեստավարժ ասպարէզին 700-րդ կոլը` տարբեր ակումբներու հետ (առանց նկատի առնելու ազգային խումբին հետ անոր նշանակած կոլերը):