Անգլիական «Տէյլի Մէյլ» կը յայտնէ, որ Քաթարի օդակայանը պատրաստ չէ 2022-ի Մոնտիալի ծանրաբեռնուածութեան:
Համատ միջազգային օդակայանին անձնակազմը անհանգստացած է, որ ի վիճակի չէ սպասարկել ճամբորդներուն զանգուածային հոսքը, որուն պատճառով այցելուներուն անվտանգութիւնը կրնայ վտանգի տակ ըլլալ:
Անոր պաշտօնէութեան որոշ աշխատակիցներ քիչ մը նեղացած կը թուին ըլլալ, որ թռիչքներուն կրկնապատկուիլը (օրական` 700-1600 թռիչք) կրնայ պատճառ դառնալ, որ անոնք չկարենան իրենց աշխատանքը լիուլի եւ ամբողջական ձեւով կատարել:
Նշենք, որ 2022-ի Մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ 20 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբեր` մասնակցութեամբ 32 երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբերուն:


