Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի 2022-ի կէս-մարաթոնը (21,100 քմ):
Անոր մեկնարկը տրուեցաւ Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտէն, որ եղաւ նաեւ մարզիկներուն ժամանման վայրը:
Տարբեր դասակարգերու այս կէս-մարաթոնին իրենց մասնակցութիւնը բերին տասը ակումբներու մաս կազմող 187 երկսեռ մարզիկներ:
Անոր իր մասնակցութիւնը բերած ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ յաջողեցաւ տիրանալ երկու երրորդութեան:
Տղոց 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Գէորգ Արապաղլեան հանդիսացաւ երրորդ` արձանագրելով 2 ժամ 09′ 11” արդիւնք մը:
Իսկ 20 տարեկանէն վար տղոց դասակարգին մէջ, իր կարգին Մարք Զաարուր հանդիսացաւ երրորդ` արձանագրելով 1 ժամ 36′ 32” արդիւնք մը:
Ընդհանրապէս տիրապետեցին լիբանանեան բանակի, Ներքին ապահովութեան ուժերու, Ինթըր Լեպանոնի, Քալաայի եւ Էլիթի մաս կազմող մարզիկները:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի անդամներուն: