Ուրարտուի ակադեմիան անուանափոխուեցաւ եւ այսուհետեւ պիտի կրէ ակումբի մանկապատանեկան դպրոցի հիմնադիր-տնօրէն, Հայաստանի անուանի մարզիչ Էդուարդ Գրիգորեանի անունը, այս մասին երէկ յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
7 սեպտեմբեր 2021-ին Ուրարտու ֆութպոլի ակումբի համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլիստներ Յովհաննէս Զանազանեանի, Արկադի Անդրէասեանի, ինչպէս նաեւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հերոս, Արիութեան մետալակիր, Ուրարտու ֆութպոլի ակումբի երկար տարիներու աշխատակից Սիմոն Իսրայէլեանի, ինչպէս նաեւ դպրոցի հիմնադիր-տնօրէն Էդուարդ Գրիգորեանի կիսանդրիներուն բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Ուրարտու ֆութպոլի ակումբի պատմութեան նորաբաց թանգարանին մէջ կայ նաեւ Էդուարդ Գրիգորեանին նուիրուած անկիւն, որ կը պատմէ անոր կենսագրութիւնն ու ունեցած վաստակը:


